2014-09-03 09:29:47

Ղպտիներու Թաուատրոս օրթոտոքս պատրիարքը կ`ողջունէ Եգիպտոսի նոր վարչաձեւը։


Թաուատրոս Պատրիարքը Զուիցերիոյ Վալլէյի Սան Մորիս վանքը կատարած այցելութեան ընթացքին, ողջունեց Եգիպտոսի նոր վարչաձեւը։ Ան յայտնեց թէ Ալ Սիսիի կառավարութեան գլուխ անցնիլը Յուլիս 2013էն սկսեալ, ժողովուրդին ազատութեան ի նպաստ մեծ թեթեւացում մը եղաւ։
Վանահայր` գերապայծառ Joseph Roduit` բարիգալուստի խօսքին մէջ ողջունեց Պատրիարքին քաջութիւնը որ քրիստոնեաներու դէմ մղուած ամենաբուռն պահերուն խնդրեց քրիստոնեաներէն որ հրաժարին վրէժխնդրութենէն հայցելով որ այրած եկեղեցիներու մուխը երկինք բարձրանայ որպէս Աստուծոյ հաճելի խունկ։
Պատրիարքը իր կարգին ոգեկոչեց Սան Մորիսի յիշատակը որպէս Թեպէի Լէկիոնի ղեկավար մատնանշելով անոր հաւատքի անմոռանալի վկայութեան։ Պատրիարքը նաեւ ընդգծեց համերաշխութեան ոգին որ կը տիրէ Եգիպտոսի քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւններու միջեւ` շնորհիւ վերջերս կրած հալածանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.